ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Սփիւռքահայ
գրագէտ Վահրամ Մավեան, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան
հայկական գրասենեակին աշխատակիցն էր միաժամանակ, Պոլիս հերթական
այցելութենէ վերջ բաւական խօսուն վերնագիրով մը կը կնքէ իր
տպաւորութիւնները գրառած մէկ յօդուածը՝ «Քաղաքը որ կ՚ապրի իր
մեռելներով»։ Միայն Մավեա՞նը միթէ… Քանի՜ քանի այցելուներ իրենց
Պոլիս կեցութեան շրջանին, նոյնիսկ պոլսեցիներ՝ դպրոցական ըլլան թէ
շրջանաւարտ, գերեզմանատուներու մէջ կ՚որոնեն իրենց անցեալը,
յագուրդ կու տան պատմութեան հանդէպ իրենց ծարաւին, կը ստեղծեն
մօտիկութիւն մը մեծ բանաստեղծներուն կամ անհատներուն հետ։ Շատեր կը
յիշեն անպայման. Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան,
երբ առաջին անգամ քաղաքս կ՚այցելէր, առաջին իսկ ազատ պահուն՝ իր
շունչը կ՚առնէր Պաղլարպաշըի հայոց գերեզմանատան մէջ՝ տեսնելու
համար Պետրոս Դուրեանին շիրիմը… Այո՛, Պետրոս Դուրեանի, որու շիրիմը
ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներուն ուխտավայր մը դարձած է, ո՛չ
միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին
արժանացած է վերջերս, այլ, բոլոր հայերուն համար եղած է այցելավայր
մը շատ հին ժամանակներէն սկսեալ։ Անկարելի է հոս չյիշել Զապէլ
Եսայեանի հրաշալի տողերը, «Սկիւտարի վերջալոյսներ»էն, ուր
գրագիտուհին զգայուն տողերով կը նկարագրէ իր այցելութիւնը
Դուրեանի շիրիմին։