11.4.17

Յաղթանակ՝ շնորհիւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին եւ ընտրակաշառքներուն

Ժ. Չ.

Կիրակի, Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները առաջիններն էին, որոնք հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական վարչակարգի անցումը։ Թէեւ եղան բազմաթիւ ընտրախախտումներ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով յետընտրական շրջանը չպսակուեցաւ ամբոխային ցոյցերով եւ խառնակութիւններով, որ իսկապէս ողջունելի երեւոյթ է։
Եւրոպական Միութեան գանձատրումով ընտրամասերուն մէջ զետեղուած տեսագրութեան սարքերը եւ իշխող կուսակցութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ նախօրօք համաձայնութիւնը ընտրական կանոններու շուրջ՝ ունեցան իրենց բարեբաստիկ ազդեցութիւնը։
Հակառակ անոր, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն հակառակած էին իշխող Հանրապետական եւ ՀՅԴ կուսակցութիւններէն բացի՝ մնացեալ բոլոր քաղաքական ուժերը, այսուհանդերձ, խորհրդարանական այս ընտրութիւնը ապահովեց աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ քարոզարշաւը բոլոր կուսակցութիւններուն։ Այս առումով խորհրդարանական վարչակարգի անցումը դրական երեւոյթ էր։ Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք անցեալ նախագահական ընտրութիւնները, երբ բացի «Ժառանգութիւն»-էն, բոլոր միւս կուսակցութիւնները հրաժարեցան ընտրարշաւին մասնակցելէ։
Ըստ յետընտրական տուեալներու՝ հանրային հեռատեսիլը, հակառակ նախորդ տարիներուն անվերապահօրէն իշխանական քարոզարշաւին ի նպաստ աշխատած ըլլալուն, այս անգամ կուսակցութիւններուն տրամադրած է հաւասարակշռուած միջոցներ։
Թէեւ մասնակցութեան ցուցանիշը բաւական բարձր էր՝ 60,86%, այսուհանդերձ, տեղացիներէն շատերու համար ընտրութիւնը կանխորոշուած էր։ Եւ իրապէս ալ, նախքան ընտրութիւնները՝ հանրապետականները կը նախատեսէին քուէներու 55 տոկոսի ձեռքբերումը եւ այդպէս ալ պատահեցաւ. 49,12%-ին վրայ եթէ աւելցուի համեմատական կարգով նուազագոյն քուէներու սահմանը չանցնող կուսակցութիւններու բաժինը՝ նախատեսուած տոկոսը կ՚ապահովեն եւ հանրապետականները կրնան առանձին կառավարութիւն կազմել։
Ընտրութիւններուն արդիւնքին կանխորոշուած բնոյթը շատեր յուսալքութեան գիրկը նետած է եւ ընտրական գործընթացին չմասնակցելու մղած։ Իսկ երբ Հանրապետական եւ «Բարգաւաճ» օլիկարխիկ երկու կուսակցութիւններուն ստացած արդիւնքները գումարուին՝ փոփոխութեան հեռանկարը ա՛լ աւելի կը մթագնի։
Ժողովուրդին մօտ՝ իշխող կարգերուն հանդէպ ատելութիւնը հասած է անհամեմատելի չափերու։ Այս երեւոյթին առաջքն առնելու համար հանրապետականները հանրութեան համակրանքը սիրաշահելու միտումով առաջ մղած էին վարչապետին՝ Կարէն Կարապետեանի կերպարը, որ իբր նորարար, գործարար դէմք, վստահութիւն ներշնչելու տուեալներ ունէր։ Եւ առաջին անգամ ըլլալով, ան շրջագայեցաւ բոլոր մարզերը եւ շփում ունեցաւ քաղաքացիներուն հետ, պատասխանեց անոնց մտահոգութիւններուն, հաւատք եւ յոյս ներշնչելով, բացայայտելով կառավարութեան ծրագրերը։ Մինչեւ հիմա հանրապետականներուն մօտ չտեսնուած երեւոյթ։
Թէեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ՀԱԿ-ՀԺԿ դաշինքը չկրցաւ անցնիլ, այսուհանդերձ, ընտրութեան նախօրէին անոր տուած հարցազրոյցը ընտրական օրակարգը ամուր կերպով առնչեց Արցախի յարակից շրջանները յանձնելու հարցին։ Միւս կուսակցութիւնները բոլորն ալ կողմնորոշուեցան ազերիներուն հետ «հողեր ընդդէմ խաղաղութեան» կարգախօսին դէմ։ Սակայն, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան պարպեց քաղաքական իր վերջին փամփուշտը։ Իր գլխաւոր զինակիցները արդէն հիմնեցին այլ կուսակցութիւններ ու ներգրաւուեցան այլ դաշինքներու մէջ, ինչպէս Հրանդ Բագրատեանի «Ազատ դեմոկրատներ»-ը եւ «Ելք»ը՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, որ ի դէպ իբր դաշնակցած ընդդիմադիր միակ ուժ, կրցաւ յաղթահարել 7 տոկոսի նուազագոյն սեմը։
Այս ընտրութեան մեծագոյն ձախողութիւնը կը վերաբերի Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, որ դաշնակցելով Վարդան Օսկանեանի եւ Սէյրան Օհանեանի հետ՝ քայքայեց իր հիմնադրած «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը եւ պատճառ դարձաւ Զարուհի Փոստանջեանի նոր կուսակցութիւն ստեղծելուն։
Դժբախտաբար ընտրական պայքարէն դուրս մնացած էին հայկական աւանդական Հնչակեան  ու Ռամկավար կուսակցութիւնները։ ՀՅԴ-ն բաղդատմամբ խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններուն՝ մէկ կէտով բարելաւեց իր դիրքը, 5 տոկոսէն անցնելով 6-ի։ Թէեւ իր ընտրական կարգախօսն էր «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան», սակայն քարոզարշաւը աւելի թիրախ ընտրած էր Արցախի խնդիրը եւ համազգային 125-ամեայ կուսակցութիւնը ըլլալու հանգամանքը, առանց ազգային փրկութեան համոզիչ ծրագիրի։ Իսկ յաճախ կրկնուած 4-րդ Հանրապետութեան ստեղծումը, չունէր գաղափարական ու տնտեսական լուրջ հիմնաւորումներ։ Գլխաւոր այն պատճառաբանութիւնը, որու հիման վրայ կուսակցութիւնը կը պաշտպանէր սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ խորհրդարանական վարչակարգի անցքը՝ արգելք հանդիսանալ իշխանութեան յարատեւ վերարտադրման, ձախողեցաւ։ Մնաց հեռու ժողովուրդին գլխաւոր մտահոգութենէն, որ նուազագոյն ապրուստը ապահովելու խնդիրն է։
Այս առումով, ներկայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի քարոզարշաւը պայմաններու բերումով կարելի է նկատել միակ թիրախաւորուած տնտեսականը։ Նոյնիսկ Գագիկ Ծառուկեանը, իբր յաջող օլիկարխ-գործարար, իր ամբոխավարական ելոյթներով եւ շռայլ խոստումներով եւ ընտրակաշառքներով՝ կիսով միայն կրցաւ համոզել յուսալքութեան մատնուած ժողովուրդը։
Հակառակ բոլոր ընտրակաշառքներուն, Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները ամրապնդեցին Սերժ Սարգսեանի քաղաքական դիրքն ու միջազգային վարկը։ Փաստեցին, որ ընդդիմութիւնը չունի այլընտրանքային պետական դէմք մը, որ իր շուրջ համախմբէ, յոյս ներշնչէ տառապեալ ու լքեալ ժողովուրդին։

«Նոր Յառաջ», 6 Ապրիլ 2017 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment