ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ
եւ պատուաւոր տեղը պիտի գրաւէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, քանի մը
պատճառներով: Նախ՝ որ Սուրիոյ մէջ մամուլը ընդհանրապէս պետական հակակշռի
տակ ըլլալով, որեւէ թերթի արտօնութիւն դժուար ձեռք կը ձգուէր, եթէ չըսեմ՝
արգելքի կը հանդիպէր, եւ անշուշտ ասիկա իր պատճառները ունէր: Տասնամեակներէ
ի վեր որեւէ հայկական օրաթերթ, կամ պարբերաթերթ չէր հրատարակուեր Սուրիոյ
մէջ, սակայն հալէպահայ համայնքին պետութեան կողմէ վայելած վստահութիւնը
պատճառ դարձաւ, որ թերթը բացառիկ կարգով արտօնութիւն ստանայ, որպէս Բերիոյ
թեմի պաշտօնաթերթ եւ անխափան եւ կանոնաւոր հերթականութեամբ շարունակուի
մինչեւ օրս: